2014-06-19 09:49:19

«Ահաւասիկ այս սիրտը որ այնքան սիրեց մարդիկը....'' Յունիս ամիսը` Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած ամիս։


1675-ին, Վիզիդանտին Միաբանութեան Մայրապետ, Ս. Մարգրիտ Մարիամ Ալագոք, աղօթքի ատեն կը տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր աստուածային Սիրտը ցոյց տալով կ'ըսէ. «Ահաւասիկ այս սիրտը որ այնքան սիրեց մարդիկը և ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար. բայց երախտագիտութեան տեղ, մարդոց շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ, եթէ ոչ՝ ապերախտութիւն, արհամարհանք, անարգանք, սրբապղծութիւն և պաղ վերաբերմունք»:
Եկեղեցին Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրած է, որպէսզի յատուկ ջերմեռանդութեամբ հոգիները քրիստոնէական կատարելութեան հասցնէ:

«Կայ խորհո՛ւրդ մը խորունկ, անսահման, զոր կը հանդիսէ Սուրբ Պատարագը, ամէ՛ն առաւօտ: Ս. Պատարագը սի՛րտն է Յիսուսի, որ բացուած է բոլո՛ր մարդոց առջեւ, սի՛րտն է Յիսուսի՝ խոցուած, վշտահար, այլեւ ամէնամբիծ, գերզգայուն, բարերար, կարեկից, շնորհաբաշխ» (Հ. Քաջարենց, Հոգիի Ձայներ, էջ 126):








All the contents on this site are copyrighted ©.